2017-04-09 08:32:00

Ծաղկազարդի Կիրակի` Քրիստոսի յաղթական մուտքը Երուսաղէմ։


Ծաղկազարդի Կիրակին գեղեցիկ կերպով կը ներկայացնէ Քրիստոսի փառքը։ Քրիստոս յաղթական մուտք կը գործէ Երուսաղէմ քաղաքէն ներս։ Ծաղկազարդը օրհնաբանութեան, գովաբանութեան եւ փառաբանութեան օր է։ Երուսաղէմի մէջ հրեայ ժողովուրդը մեծ ուրախութեամբ եւ ովսաննաներով կʼընդունի «թագաւորը», որ ոմանք տակաւին կը նկատէին իբր երկրաւոր թագաւոր մը։ Տակաւին շատեր չէին հասկցած Յիսուսի պատգամը։

Մեր շարականները կը ներկայացնեն Աւետարանի պատմածը, գեղեցիկ տողերու մէջ շեշտաւորելով կատարուած հակասութիւնը – Քրիստոս, «որ քերովբէներու աթոռներու վրայ կը նստի եւ քերովբէներէն օրհնութիւն կʼընդունի, այժմ խոնարհաբար կʼընդունի նաեւ մարդոց օրհնաբանութիւնը։» Քրիստոս նման չէ աշխարհի իշխաններուն, Ան՝ «հաւասար Հօր, նախայաւիտեան Որդին, Հօր անսկիզբ Բանը» կը խոնարհի, կʼընթանայ դէպի խոնարհեցում, նուաստացում։

Քրիստոսի գալուստով, կը հրճուի Երուսաղէմ քաղաքը։ Հաւատացեալներուն համար Անոր գալուստը հրճուանք է ամբողջ աշխարհի համար, որովհետեւ մարդկութեան փրկութիւնն է որ կը կատարուի. ո՛չ թէ երկրային թագաւորութեան մը հիմը կը դրուի, այլ կը հաստատուի Աստուծոյ արքայութիւնը։

Այս օրը կ’երգուին փառաբանութեան եւ բարեբանութեան շարականներ՝

«Հեթանոսութենէ քրիստոնէացած ժողովուրդներ, յաւիտեան փառաւորեցէք զԱյն.

Սուրբ Եկեղեցւոյ զաւակներ, յաւիտեան փառաւորեցէք.

Յոյժ ուրախացիր Սիոնի դուստր, Երուսաղէմ.

Ուրախ եղիր սուրբ Եկեղեցի, ուրախ եղիր եւ ցնծայ բոլոր սուրբերով միասին.

Ուրախացիր եւ բերկրէ Աստուծոյ ժողովուրդը, հաւատքով ծաղկած ոստեր մատուցանէ եւ ըսէ՝ օրհնեալ ես դուն որ տիեզերքի Թագաւոր եկար։»

Հրեաները արմաւենիի ոստերով կը դիմաւորեն Յիսուսը։ Արմաւենիի ոստը յաղթութեան խորհրդանիշ է։ Շարականը սակայն կը յորդորէ, որ քրիստոնեան «հաւատքով ծաղկած ոստեր մատուցանէ» Քրիստոսի։ Այն ինչ որ Աստուծոյ կը մատուցանենք, եթէ չունի իբր հիմք հաւատքի եւ սիրոյ առաքինութիւնները, կը մնայ անպտուղ։

Ծաղկազարդին կը կատարենք անդաստանը, ուր կը կարդացուին հատուածներ չորս Աւետարաններէն, ուր կը պատմուի Յիսուսի՝ Երուսաղէմ գալստեան մասին։

Ծաղկազարդի օրը, կը կատարուի նաեւ Դռնբացէքը։ Քրիստոնէականի ուսուցման մէջ, Եկեղեցին շատ մը ճշմարտութիւններ հաւատացեալներուն ներկայացուցած է պատկերաւոր ձեւով։ Դռնբացի արարողութիւնը այս ներկայացումներէն մին է, որ պահուած է Եկեղեցւոյ մէջ։ Այս արարողութեան մէջ քահանան, ժողովուրդի անունով կ’աղերսէ՝ որ հաւատացեալին առջեւ բացուի Աստուծոյ ողորմութեան դուռը։ Շարականը կ’ակնարկէ տաս կոյսերու առակին, ուր հինգ իմաստուն կոյսերը փեսային հետ մուտք կը գործեն արքայութեան մէջ։

Մարդը, որ հեռացած է Աստուծմէ կը գտնուի մեղքի վիճակի մէջ։ Այդ վիճակը մարդը դուրս կը պահէ Աստուծոյ արքայութենէն։ Քրիստոս, վերջին դատաստանի օրը կը ներկայանայ իբր դատաւոր. այդ ժամանակ Աստուածային դատաւորը Իր մօտ պիտի կանչէ Իր հաւատարիմները՝ վայելելու յաւիտենական կեանքը։ Հաւատացեալ քրիստոնեան՝ Քրիստոսի մարդեղութեան, չարչարանքներու, մահուան ու յարութեան մէջ կը տեսնէ իր փրկութիւնը՝ ազատագրում մեղքի իշխանութենէն, մահէն եւ յաւիտենական դատապարտութենէն։ Ասոր համար շարականներուն մէջ կʼերգենք, որ Յիսուս գթայ մեր վրայ, ողորմի մեզի եւ մեզ ընդունի երկնքի արքայութեան մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.